Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէն, ի պատասխան Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի քննադատութեան, վիրաւորական նկատած է բացասական ծիրին մէջ Վրաստանը Մոլտովայի հետ համեմատելը: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք-Ճորճիա»-ն:
Պորել մէկ օր առաջ ըսած էր, որ Մոլտովայի հետ համեմատած, Վրաստանի մէջ պատկերը մռայլ է: «Վրաստանի իշխող կուսակցութեան գործողութիւնները, յայտարարութիւնները եւ նախընտրական խոստումները երկիրը կը հեռացնեն եւրոպական ուղիէն եւ կը մատնանշեն մենատիրութեան անցում, հետեւաբար Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթը տէ ֆաքթօ կասեցուած է», ըսած էր ան:
«Այս յայտարարութիւնները ժամանակաւոր են, մենք առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի չդարձնենք այս յայտարարութիւններուն… Ինչ կը վերաբերի Վրաստանն ու Մոլտովան համեմատելուն, ապա դուք գիտէք, որ Վրաստանը Մոլտովայէն բոլոր առումներով յառաջ է` ըլլայ այդ ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներ, տնտեսութիւն», ըսած է Քոպախիծէ:
Անոր համաձայն, Վրաստանի տնտեսութիւնը 9 միլիառ տոլարով կը գերազանցէ Մոլտովայի տնտեսութեան ծաւալը, եւ ատիկա, այլ բաներու կողքին, պայմանաւորուած է անով, որ Վրաստանը, ի տարբերութիւն Մոլտովայի, ունի շատ ուժեղ պետական կառոյցներ: Միեւնոյն ժամանակ Մոլտովայի մէջ չկայ քաղաքական բազմակարծութիւն կամ լրատուամիջոցներու բազմակարծութիւն», ըսած է Վրաստանի վարչապետը:
«Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, պէտք է յիշել, որ Մոլտովայի մէջ քաղաքական կուսակցութիւններն ու լրատուամիջոցները արգիլուած են, իրականութեան մէջ մնացած են ընդամէնը երկու լրատուամիջոցներ, որոնք կը հեռարձակուին ամբողջ երկրին մէջ` պետական հեռարձակողի առաջին ալիքը եւ պետական հեռարձակողի երկրորդ ալիքը», ըսած է Քոպախիծէ:


