Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին դեմոկրատականներն ու միւսները, որոնք իրենց դէմ հանդէս կու գան կամ կը հետաքննէին իր գործունէութիւնը, կոչած է «ներքին թշնամի» եւ աւելի վտանգաւոր, քան Միացեալ Նահանգներու հիմնական արտաքին հակառակորդները, ներառեալ Ռուսիան եւ Չինաստանը:
Թրամփ առանձնացուցած է անոնք, որոնց կոչած է «խենթ մարդիկ, որոնք մեր երկրին մէջ են, ինչպէս Ատամ Շիֆը»` քոնկրեսական, որ Ծերակոյտին մէջ եղած է այն ժամանակ նախագահի պաշտօնը վարող Թրամփի պաշտօնազրկման առաջին հոլովոյթին մէջ գլխաւոր մեղադրողը:
Հարցազրոյցի ժամանակ հաղորդավարուհի Մարիա Պարթիրոմոն Թրամփին հարցուցած է, թէ ան ինչպէ՞ս պիտի վարուի այն դիւանակալներուն հետ, որոնք կրնան փորձել խաթարել իր հաւանական երկրորդ նստաշրջանի ընթացքին իր հեղինակութիւնը:
«Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ մենք երկու թշնամի ունինք», ըսած է Թրամփ:
«Մենք ունինք արտաքին թշնամի, ետքը` ներքին թշնամի, եւ ներքին թշնամին, իմ կարծիքովս` աւելի վտանգաւոր է, քան Չինաստանը, Ռուսիան եւ այս բոլոր երկիրները», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ «խելացի նախագահը» կրնայ «բաւական դիւրութեամբ» լուծել արտաքին հակառակորդներու հարցերը, սակայն «ամէնէն դժուարը լուծելն է հարցերը այս խելագարներուն, որոնք մեր մէջ են, ինչպիսին օրինակ, Ատամ Շիֆն է»:
«Ես զինք ներքին թշնամի կը կոչեմ», աւելցուցած է ան:


