Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն Ապպաս Նելֆրոշանի յուղարկաւորութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թշնամին սխալ գործեց Դիմադրութենէն ղեկավարներ թիրախաւորելով, եւ կարծեց, որ պիտի չհակադարձենք: Թշնամիին կը վստահեցնենք, որ «Անկեղծ խոստում 2» գործողութիւնը պարզապէս զգուշացում մըն էր»:
Յիշեցնենք, որ Նելֆրոշան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մահափորձի ընթացքին մահացած էր:
«Թշնամիին կը վստահեցնենք, որ զինք ցաւցնող կերպով պիտի հարուածենք, եթէ մեզի պատկանող թիրախներ յարձակումի ենթարկէ, եւ եթէ թշնամին մեր հողերը թիրախաւորէ, իր հողերը պիտի թիրախաւորենք, եւ ան գիտէ, թէ մեր ըսածը կ՛ընենք», աւելցուց զօր.Սալամի:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը նաեւ նշեց. «Գիտենք թշնամիին տկար կէտերը, եւ ան այդ մէկը լաւ գիտէ»:
«Մեր թշնամիները վնասներ կը կրեն իրենց սխալ հաշուարկներուն պատճառով», աւելցուց ան:
Իսրայէլեան աղբիւր մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաւանութիւն տուաւ Իրանի մէջ հարուածելու համար թիրախները, առանց յարձակումին ժամկէտ ճշդելու»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ «ապահովական խորհրդակցութիւններու ընթացքին Իրանի վրայ յարձակումի ձեւին, ժամկէտին եւ ուժին» շուրջ ամբողջական համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ Իրանը հարուածելու ծրագիրը գործադրուելու համար կը սպասէ նախարարաց սեղմ խորհուրդի հաւանութեան:


