Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Ռուսիան աշխուժօրէն կ՛աշխատի Մոլտովայի մէջ ընտրութիւնն ու անոր Եւրոպայի հետ համարկումը խափանելու»:
«Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները բոլոր մոլտովացիներուն իրենց ընտրութիւններու պարկեշտութեան ու անվտանգութեան պահպանման ջանքերուն կողքին կը կանգնին», ըսաւ Քըրպի:
«Մոսկուան վերջին ամիսներուն միլիոնաւոր տոլարներ ծախսեց Մոլտովայի մէջ նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար», յայտնեց ան` նշելով, որ այդ գումարը կ՛աւելցուի այն «տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներուն, որոնք ներդրեց ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ»:
«Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աջակցիլ Մոլտովային ու մոլտաւ ժողովուրդին եւ բացայայտել ու ձախողութեան մատնել Մոլտովայի մէջ ժողովրդավարութիւնը խափանելու ռուսական փորձերը», շեշտեց Քըրպի:
Նշենք, որ յառաջիկայ կիրակի օր Մոլտովայի մէջ անջատ քուէարկութեամբ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէ:


