Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Ուքրանիոյ, ինչպէս ըսած ենք, եւ իրենք (ուքրանական իշխանութիւնները) պիտի որոշեն, թէ ե՛րբ է բանակցութեան սեղանի շուրջ նստելու ժամանակը: Այս մասին Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպումէն ետք ըսած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին:
«Ես նախապէս ալ ըսած եմ, որ այս տագնապը որոշ պահու մը բանակցութիւններով պիտի աւարտի», ըսած է Փենթակոնի ղեկավարը: