ՊՐԻՔՍ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները աջակցած են Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի գումարման: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Մենք կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի մէջ խորհրդաժողովի գումարման եւ կ՛ակնկալենք զարգացող երկիրներու համար կենսոլորտի ֆինանսաւորման բովանդակալից արդիւնքները` իբրեւ հիմնական գործիք` մեղմացման, յարմարուողականութեան, կորուստներու եւ վնասներու վերականգնման համար ազգային որոշուած գործողութիւններու եւ նպատակներու հասնելու համար», նշուած է ՊՐԻՔՍ-ի Քազանի մէջ վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:
Կազմակերպութեան ղեկավար երկիրներու որդեգրած հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ անդամ երկիրները կը նախատեսեն ընդլայնել համագործակցութիւնը եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը:
ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են ազգային դրամանիշի օգտագործման կարեւորութիւնը` ընկերակցութեան անդամներու եւ անոնց առեւտրական գործընկերներու միջեւ ելեւմտական գործարքներու մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ անդրադարձ կայ Ուքրանիոյ կացութեան վերաբերեալ ազգային դիրքորոշումներուն:
Հռչակագիրին մէջ տեղ գտած են նաեւ ելեւմտատնտեսական, մարդասիրական եւ դիւանագիտական երկխօսութեան զարգացման առնչուած կէտեր: