Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Մէջ Յարձակումի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է

October 25, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարայի մերձակայքին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեամբ զբաղող թրքական ԹՈՒՍԱՇ ընկերութեան վրայ ենթադրաբար քիւրտ զինեալներու հինգշաբթի օրուան «ահաբեկչական յարձակումին» հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 5-ի, իսկ վիրաւորներունը` 22-ի: Այս մասին հաղորդած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա:

Նախարարը ըսած է, որ յարձակումը գործած երկու անձեր «վնասազերծուած» են:

«Ըստ գործելաոճի, յարձակումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կատարած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ)», յայտարարած է Երլիքայա` նշելով, որ յստակ ապացոյցերու պարագային յայտարարութիւն պիտի կատարեն:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր եւս ամբաստանած է ՔԱԿ-ը` նշելով, որ անոր զինեալները «ամէն անգամ արժանի պատիժ կը ստանան, սակայն երբեք ուշքի չեն գար»` յայտարարելով, որ Թուրքիան «պիտի հետապնդէ զանոնք, քանի տակաւին վերջին ահաբեկիչը չէ ոչնչացուած»:

Ըստ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած է «ահաբեկչական յարձակումը»:

«Թուրքիոյ ուղղուած կեղտոտ ձեռքերը անպայման պիտի կոտրուին», «Էքս»-ի վրայ գրած է Էրտողան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նոյնպէս դատապարտած է դէպքը` յայտարարելով. «Միացեալ Նահանգներ կանգնած են իրենց դաշնակից Թուրքիոյ կողքին եւ խստօրէն կը դատապարտեն այսօրուան ահաբեկչութիւնը»:

ԹՈՒՍԱՇ ընկերութիւնը կը նախագծէ եւ կ՛արտադրէ քաղաքային եւ զինուորական օդանաւեր, անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլ պաշտպանական, տիեզերագնաց համակարգեր:

Երեւան Եւս Կը Դատապարտէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով դատապարտեց Անգարայի մէջ կատարուած յարձակումը:

«Ինչպէս ցոյց տուաւ Անգարայի մէջ այսօրուան յարձակումը, ահաբեկչութեան եւ անմեղ մարդոց վնասելուն արդարացում չկայ: Հայաստանը, ինչպէս բազմիցս արտայայտուած է, դէմ է ահաբեկչութեան որեւէ ձեւի եւ բռնութեան այսպիսի արարքներուն», կը նշուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառումին մէջ, որուն իբրեւ հասցէատէր նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

«Ուքրանիան Ինք Պիտի Որոշէ, Թէ Ե՛րբ Է Բանակցութեան Սեղանի Շուրջ Նստելու Ժամանակը» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Ղեկավարը

Յաջորդը

Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փութին. «Թուրքիան Շահագրգռուած Է ՊՐԻՔՍ-ի Հետ Սերտ Համագործակցութեամբ, Եւ Մենք Հեռանկարներ Կը Տեսնենք` Հաշուի Առնելով Ձեր Երկրի Հեղինակութիւնն Ու Յատուկ Աշխարհաքաղաքական Դերը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք,  Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

October 2, 2026
Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է  «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան  Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

October 2, 2026
«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.