Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Անգարա` Պլինքըն. «Փոխանցման Հոլովոյթը Պէտք Է Ըլլայ Սուրիական Ղեկավարութեամբ Եւ Ներառէ Բոլոր Սուրիացիները»

December 14, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանան այցելելէ ետք այցելեց նաեւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ վերջին զարգացումները:

Պլինքըն հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեցի շրջանային անվտանգութիւնն ու Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցումը»` աւելցնելով. «Փոխանցման հոլովոյթը պէտք է ըլլայ սուրիական ղեկավարութեամբ եւ ներառէ բոլոր սուրիացիները»:

Էրտողան Անգարայի մէջ Պլինքընի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան սկիզբէն ի վեր զօրակցած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ մէկ կառոյց ըլլալուն` նշելով. «Թուրքիան իր ազգային անվտանգութեան համար քայլեր պիտի որդեգրէ ահաբեկչական գոյացութիւններու դէմ, ինչպէս` ՔԱԿ-Ժողովրդական միութեան կուսակցութիւն-Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները եւ ՏԱՀԵՇ-ը, որոնք Սուրիոյ մէջ կը գործեն»:

«Թուրքիան` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ միակ պետութիւնը, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դէմ առ դէմ պայքարեցաւ, ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան եւ անոր ճիւղաւորումներուն պիտի արգիլէ Սուրիոյ կացութիւնը առիթի վերածել փորձել», ըսաւ Էրտողան` ընդգծելով. «Թուրքիան երբեք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին մէջ որեւէ տկարութեան արձանագրում պիտի չարտօնէ»:

«Անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը միասնաբար աշխատի Սուրիոյ մէջ հաստատութիւններու վերակենդանացման ու վերակառուցման համար», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Էրտողան եւ Պլինքըն հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները եւ շրջանային ու միջազգային հարցեր»:

Էրտողան յայտնեց. «Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու Թուրքիոյ ջանքերը յառաջիկայ փուլին պիտի շարունակուին»:

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Թրամփի Աթաքմս Հրթիռներով Ռուսիոյ Խորքին Վրայ Յարձակումներուն Վտանգաւորութեան Մասին Յայտարարութիւնը Մոսկուայի Դիրքորոշման Ամբողջովին Համահունչ Է»

Յաջորդը

Խամենէի. «Անտրամաբանական Էր, Որ Իրանեան Բանակը Սուրիոյ Մէջ Կռուի Փոխան Սուրիական Բանակին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.