Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Հիւսէյն Սալամի յայտնեց. «Դիմադրութեան ճակատը իրանեան աշխարհագրութենէն անկախ է, եւ Հըզպալլան տակաւին ազդու է, գործունեայ ու կենդանի»:
«Սուրիոյ մէջ զինեալներու շարժումէն տեղեակ էինք, եւ անոր ղեկավարութիւնը տեղեակ պահեցինք, սակայն դիմադրութեան կամքի բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ տեղի ունեցածին», ըսաւ զօր. Սալամի:
«Դիմադրութեան ճամբան տակաւին բաց է, միայն Սուրիայով սահմանափակուած չէ, եւ այդտեղ կացութիւնը կրնայ աստիճանաբար փոխուիլ», յայտնեց ան:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը նաեւ յայտնեց. «Իրան իր շրջանային թեւերը չկորսնցուց, եւ իր որոշումները կ՛որդեգրէ իր ներքին կարողութիւններուն հիմամբ»:
«Յեղափոխական պահակագունդը Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան ճակատէն վերջին հեռացողն էր», նշեց զօր. Սալամի:


