Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հարցով Արաբական Հաղորդակցութեան Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Սուրիոյ Մէջ Ազգային Համապարփակ Երկխօսութեան

December 16, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Յորդանանի Աքապա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Սուրիոյ մէջ զարգացումներու հարցին շուրջ Արաբական նախարարական հաղորդակցութեան յանձնախումբի ժողովը` կոչ ուղղելով` ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի հովանաւորութեամբ միջսուրիական քաղաքական խաղաղ փոխանցման հոլովոյթի:

Ժողովը նաեւ դատապարտեց Իսրայէլի Սուրիոյ հետ արգելակիչ գօտի ներթափանցելը եւ պահանջեց իսրայէլեան ուժերու անոնց բռնագրաւած տարածքներէն հեռացումը: Ժողովը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` այդ խախտումները դադրեցնելու պէտք եղած քայլերը որդեգրելու:

Ժողովին մասնակցեցան Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան, Իրաքը, Լիբանանը, Եգիպտոսը, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը, ներկայութեամբ Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ շուրջ սեղմ խմբակի անդամ պետութիւներ` Գերմանիան, Ֆրանսան, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարն ու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակը:

Ժողովը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Կը կանգնինք եղբայրական սուրիացի ժողովուրդին կողքին եւ կը հաստատենք անոր ընտրանքները, կ՛աջակցինք խաղաղ փոխանցման հոլովոյթի մը, որ կը ներկայացնէ բոլոր քաղաքական եւ ընկերային ուժերը»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ դատապարտեց «Իսրայէլի արգելակիչ գօտի, Ժապալ Շէյխ Քնէյթրա եւ Դամասկոսի գիւղական շրջան ներթափանցումը»:

Նախորդը

Ռուսիան Իր Ուժերն Ու Սուրիացի Սպաներ Հեռացուց Հիւսիսային Շրջաններէ

Յաջորդը

Քաց. «Սուրիոյ Զարգացումները Կը Խորացնեն Սպառնալիքները` Հակառակ Ըմբոստ Ղեկավարներու Չափաւորական Երեւոյթին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.