Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Պատրաստ Է Եռակողմ Հանդիպումներուն, Համաձայն Չէ Առաջնագիծի Սառեցման Եւ Կը Մեղադրէ Քիեւը

October 24, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կրկին յայտարարած է Ռուսիա-Ուքրանիա-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններ կատարելու պատրաստակամութեան մասին` արդէն հինգ տարիէ  ի վեր շարունակուող պատերազմը դադրեցնելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը:

Համառուսաստանեան պետական պատկերասփիւռի եւ ռատիոհեռարձակման ընկերութեան լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Փութին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ հանդիպումին ինք համաձայնած է վերսկսելու Քիեւի հետ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ երկխօսութիւնը:

«Այս բանակցութիւններուն նպատակը պիտի ըլլայ քննարկել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան ապահովման հարցը խաղաղութեան համաձայնագիրներու վերջնական կնքումէն ետք, եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւններու ժամանակաւոր դադրեցման հիմամբ: Մենք պատրաստ ենք վերսկսելու այս հաղորդակցութիւնները` այս նպատակին հասնելու համար», ըսած է Քրեմլինի ղեկավարը:

Զարուպին Փութինին հարցուցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի յայտարարութեան մասին, թէ Ուքրանիան պատրաստ է դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները ռազմաճակատի ներկայ շփման գիծի երկայնքին: Փութին պատասխանած է, որ ատիկա «իրենց տարածքը չէ, ատիկա պատմական Ռուսիոյ տարածքն է»:

«Քիեւի համար անտեղի է խօսիլ որեւէ տարածքային կորուստի մասին: Տոնպասի եւ Նովոռոսիոյ բնակիչները քուէարկած են Ռուսիոյ հետ վերամիաւորման օգտին», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ան յայտարարած է, որ Ռուսիան չ՛ուզեր պատերազմիլ Ուքրանիոյ հետ եւ շարունակուող զինուորական գործողութիւններուն համար մեղադրած է Քիեւը:

«Մենք տակաւին պատրաստ ենք բանակցելու եւ այս դժուարին իրավիճակին լուծում փնտռելու: Անոնք մեզի շատ մօտ մարդիկ են: Վերջին ծինային ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ռուսերն ու ուքրանացիները նոյն ժողովուրդն են», պնդած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշած է. «Եւրոպացիները չեն ուզեր Ռուսիոյ դէմ կռուիլ, իչնպէս որ Ռուսիան չ՛ուզեր Եւրոպայի դէմ կռուիլ: Ռուսիան չի պատրաստուիր Եւրոպայի հետ որեւէ պատերազմի»:

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Վրայ Արձակուած Կրակոցներէ 7 Մարդ Զոհուած Է, 34-ը` Վիրաւորուած

RelatedPosts

Յորդանանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Վրայ Արձակուած  Կրակոցներէ 7 Մարդ Զոհուած Է, 34-ը` Վիրաւորուած
Գլխաւոր լուրեր

Յորդանանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Վրայ Արձակուած Կրակոցներէ 7 Մարդ Զոհուած Է, 34-ը` Վիրաւորուած

October 24, 2026
Պոլսոյ Մէջ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ,  Գերմանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի  Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով
Միջազգային

Պոլսոյ Մէջ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

October 24, 2026
Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.