Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք յայտնեց, որ Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն մազութի որեւէ քանակ մատակարարելու: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Վեսթի» պատկերասփիւռի կայանը:
Նովաք հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց. «Կրնանք մեր գործընկերներուն փափաքած որեւէ քանակը ապահովել… մեր արտածելիք ընդհանուր քանակէն»:
Ռուսիոյ փոխվարչապետը ուրբաթ օր յայտնած էր, որ ռուսական մազութով բեռնաւորուած երեք նաւեր Հիւսիսային Ամերիկա կ՛ուղղուին:


