Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ 235 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Հրթիռներ Եւ Համակարգեր Պիտի Մատակարարէ Ազրպէյճանին

October 23, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էլպիթ Սիսթըմզ» ընկերութիւնը «ԷՔՍԹՐԱ-ՄՐ» հրթիռներ եւ ՓՈՒԼՍ արձակման կայանքներ պիտի մատակարարէ` Իսրայէլի եւ պատուիրատու երկրի  մը պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրով: Աղբիւրները «Կլոպզ» պարբերականին յայտնած են, որ խօսքը Ազրպէյճանի մասին է:

Իսրայէլեան «Էլպիթ Սիսթըմզ» ընկերութիւնը (ԹԱՍԷ, ԷՍԼԹ, Տազտաք, ԷՍԼԹ) 19 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ եւրոպական պատուիրատուի մը հետ կնքած է 235 միլիոն տոլարի պայմանագիր, որով նախատեսուած է մատակարարել միջին հեռահարութեան «ԷՔՍԹՐԱ-ՄՐ» հրթիռներ եւ ՓՈՒԼՍ համազարկային կրակի հրթիռարձակ համակարգեր: Երեք տարուան համար նախատեսուած պայմանագիրը կնքուած է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած միջկառավարական համաձայնագիրի ծիրին մէջ:

«Կլոպզ»-ի աղբիւրներուն փոխանցումով` պատուիրատու երկիրը Ազրպէյճանն է:

Նշեալ համաձայնագիրով «Էլպիթ»-ը պիտի մատակարարէ սեփական մշակման գերձայնային ԷՔՍԹՐԱ միջին հեռահարութեան հրթիռային համակարգեր: Համաձայնագիրը կը ներառէ նաեւ ՓՈՒԼՍ արձակման կայանքներու ու հրթիռարձակ հրետանիի յաւելեալ հարթակներու տրամադրում:

«Էլպիթ Սիսթըմզ»-ի գլխաւոր տնօրէն Պեցալել Մախլիս յայտարարած է. «Այս գործարքը ալ աւելի պիտի ամրապնդէ «Էլպիթ Սիսթըմզ»-ի` իբրեւ հրթիռարձակ հրետանային համակարգերու ոլորտին մէջ համաշխարհային յառաջատարի դիրքերը, եւ կը վկայէ մեր յառաջադէմ հրթիռային համալիրներուն ու արձակման կայանքներուն նկատմամբ աճող միջազգային պահանջարկին մասին:

«Փուլս համակարգերն ու գերճշգրիտ հրթիռային համալիրները լաւագոյններէն են իրենց դասակարգին մէջ, եւ անոնց նախապատուութիւն կու տան հետզհետէ աշխարհի աւելի մեծ թիւով պատուիրատուներ, որոնց մէջ` եւրոպական երկիրներն ու ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնները: Մենք կը շարունակենք մատակարարել յառաջադէմ համակարգային լուծումներ, որոնք կը գոհացնեն մեր պատուիրատուներուն պաշտպանական փոփոխուող կարիքները»:

Վերջին շրջանին աշխուժացած է Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի ռազմարդիւնաբերական համագործակցութիւնը: Ինչպէս շաբաթ մը առաջ յայտնած էր «Կլոպզ»-ը, իսրայէլական «Արի Արմզ» ընկերութիւնը վերջերս Ազրպէյճանի մէջ հրացաններու արտադրութեան գործարան բացած է: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր կինը: Երկրին մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այս նախաձեռնութեան մասնակցած են նաեւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ «Արի Արմզ»-ի սեփականատէրեր Աւիհա Սթոլերոն, Ռաւիտ Անկոնինան եւ Օրեն Անքոնինան:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Դատարանը Մերժեց Քաւալան Դարձեալ Դատելու Դիմումը

Յաջորդը

Ազրպէյճան 7 Թուրք Քաղաքացիներու Ձերբակալման Հրամանագիր Տուաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.