Վերջերս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան այլ դրսեւորում մը արձանագրուեցաւ 20 հոկտեմբերին, երբ Ազրպէյճան ձերբակալութեան հրամանագիր արձակեց Թուրքիոյ եօթը քաղաքացիներու նկատմամբ` զանոնք մեղադրելով կառավարութիւնը բռնի ուժով տապալելու կոչեր ուղղելու եւ կրօնական ատելութիւն հրահրելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Օ.Սի. Մետիա»-ն:
Պաքուն ձերբակալութեան հրամանագիրները կու տայ երկու երկիրներուն միջեւ լարուած կապերու, ազրպէյճանական դպրոցներուն մէջ լաչակի սահմանափակումներուն շուրջ վէճին եւ ազրպէյճանական-իսրայէլեան յարաբերութիւնները քննադատող թուրք քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն լոյսին տակ:
Հրամանագիրներուն մասին յայտարարութիւնը կը կատարուի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «Էքս»-ի վրայ կատարուած այն գրառումէն ետք, որուն մէջ ան զգուշացուց իսլամներուն միջեւ պառակտում սերմանելու փորձերէն: Էրտողան իր գրառումին մէջ բացայայտօրէն չէր անդրադարձած Ազրպէյճանի` լաչակի գործածութեան դէմ որդեգրած քաղաքականութեան:
Օրեր առաջ եւս Ազրպէյճան քրէական գործ յարուցած էր թուրք սիւնակագիր Ճելալ Չիֆթճիի դէմ` դարձեալ զայն մեղադրելով իշխանութիւնը բռնի ուժով գրաւելու եւ կրօնական ատելութիւն հրահրելու ենթադրեալ կոչեր ուղղելու յանցանքով: Անոր նկատմամբ եւս միջազգային հետախուզութիւն յայտարարուած էր:
Ձերբակալութեան հրամանագիրներուն մէջ յստակօրէն նշուած չէ, թէ կասկածելիները արտայայտուած են դպրոցներուն մէջ լաչակ կրելու նոր սահմանափակումներուն դէմ: Սակայն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կասկածելիներէն մէկը` Ռիտուան Քայան, 3 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան դիմաց կազմակերպուած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին խօսք արտասանած է:
Քայա եւ Զեքերիա Ճերա խօսք արտասանած են 13 հոկտեմբերին, Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած հանրահաւաքին: Երկու ցոյցերն ալ կազմակերպուած էին` բողոքելու համար ազրպէյճանական դպրոցներուն մէջ լաչակի արգելքին դէմ:
Քննիչները կը պնդեն, որ անոնց ելոյթներուն մէջ եղած են իշխանութիւնը բռնի ուժով գրաւելու կոչեր:
«Օ.Սի. Միտիա»-ն կը նշէ, որ դատախազութիւնը յղում կատարած է անորոշ յայտարարութիւններու եւ նիւթերու, որոնք, ըստ երեւոյթին, թուրք քաղաքացիներուն կողմէ հրապարակուած են տարբեր ընկերային ցանցերու եւ առցանց հարթակներու վրայ` 25 սեպտեմբերէն մինչեւ 18 հոկտեմբեր:
Կասկածելիներուն մէջ են հրապարակագիրներ, հետազօտողներ, փաստաբաններ եւ այլն: Անոնք ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարած են, որ Ազրպէյճանի կառավարութեան օրինականութիւնը կրնայ քննարկման նիւթ դառնալ, ակնարկած են, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնայ ի վերջոյ արժանանալ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշար Ասատի ճակատագիրին, նաեւ, որ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կրնայ տապալել Ալիեւը:
19 հոկտեմբերին Պաքուի Պինակատիի շրջանի դատարանը որոշում կայացուցած է եօթը կասկածելիներն ալ հեռակայ կարգով կալանաւորելու մասին: Դատախազութեան համաձայն, հետագային անոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզութիւն յայտարարուած է:
Պաքու յայտարարած է, որ թուային ապացոյցներ կը հաւաքէ, կը փորձէ պարզել նիւթերուն հեղինակները եւ այս գործով միջազգային իրաւական աջակցութիւն կը հայցէ: Ցարդ Թուրքիոյ կողմէ ոչ մէկ հակազդեցութիւն կայ:
Հոկտեմբերին ազրպէյճանական դպրոցներուն մէջ համազգեստի վերաբերեալ նոր կանոնակարգը Թուրքիոյ մէջ վէճերու պատճառ դարձաւ: Թուրք պաշտօնատարներ, որոնց մէջ` նաեւ նախագահին խորհրդականը, քննադատեցին Ազրպէյճանի այս որոշումը:
Պաքու, իր կարգին, այս քննադատութիւնները որակեց իբրեւ միջամտութիւն իր ներքին գործերուն:
Հակառակ այս լարուածութեան` երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնական շփումները շարունակուած են: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 15 հոկտեմբերին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ալիեւի հետ:


