Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին
Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի ու չին պաշտօնակից Շի Ճինփինկի միջեւ ժողով մը «կը պատրաստուի»: Ռուսիոյ նախագահի խորհրդատու Եուրի Ուշաքով լրագրողներուն յայտնեց. «Հաւանական ժողովի մը պատրաստութիւնը կը տեսնուի, անիկա Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ նպատակը ժողովը յառաջիկայ ամիս Չինաստանի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս...




















