Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ կը սպասուի, որ իսրայէլեան ծովային ճարտարագիտութիւնը նպաստէ շրջանային հիմնական դաշնակիցի մը նաւատորմիղի ամրապնդման:
Կիպրոս հաստատեց, որ մտադիր է իսրայէլեան պարեկային մէկ այլ նաւ մը գնել` իսրայէլեան նաւաշինութեան կեդրոններու եւ «Ռաֆայէլ» ընկերութեան նաւերու ու յառաջադէմ զէնքի համակարգերու առնչուած մեծ գործարքի աւարտին մօտենալնուն լոյսին տակ:
Կիպրոս նշեց, որ առաջարկուած այս գործարքը կ՛ամրապնդէ Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ գործընկերութիւնն ու ռազմավարական դաշինքը` Թուրքիոյ սպառնալիք ներկայացնող շրջանային ախորժակներուն նկատմամբ հասարակաց մտավախութիւններէ մղուած:
Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմաս 23 հոկտեմբերին կիպրական պետական ռատիոհաղորդման ու պատկերասփիւռի մարմինին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նաւը ներկայ կիպրական «Իոննիտես» պարեկային նաւուն նման պիտի ըլլայ, եւ պայմանագրութեան ստորագրութիւնը այս շաբաթ կը սպասուի:
Գործարքը, ըստ իսրայէլեան «ալգալիսթ» օրաթերթին, 150 միլիոն եւրօ կ՛արժէ: Փալմաս գինը չհաստատեց եւ պայմանագիրի ստորագրման թուականը չյայտնեց:


