Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի, ինչպէս բոլոր շրջաններուն մէջ:
Ան հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը Պեքաա պիտի չուղղուին պտոյտի նպատակով, այլ` անոնք հոն պիտի հաստատուին մինչեւ բոլոր յանցագործներուն ձերբակալումը:
Պըրրի նշեց, որ ոչ մէկ յանցագործ պաշտպանելու նպատակով քայլերու պիտի դիմուի եւ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի փաստէ օրէնքի ենթակայ քաղաքացիին արժանապատուութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ ապահովական այդ ծրագիրին գործադրութենէն առաջին օգտուողները պիտի ըլլան Պեքաայի բնակիչները: