
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հարուածած վերջին ձիւնամրրիկին պատճառած վնասները եւ Ժիպէյլի երկրագործներուն պահանջները:
Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ եւ անոր թելադրանքով այցելած է վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիներուն իրաւունքներուն տէր կանգնիլ:
Ապի Ռամիա շեշտեց, որ վարչապետ Սալամ շատ իրապաշտ էր ձիւնամրրիկին պատճառած աւերին տարողութիւնը ըմբռնելու առումով եւ նշեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին ծիրին մէջ այդ հարցը պիտի արծարծուի:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Ճիանկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը: