Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի երկուշաբթի, 26 յունուարին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Քաթարի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն համախոհութիւն գոյացնելու հանրապետութեան նախագահի թեկնածուին շուրջ` աւելցնելով, որ Քաթարի լիբանանեան գաղութը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը մտածեն հրաժարելու մասին, որպէսզի առիթ տան իրենց զաւակներուն` Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ Թոնի Ֆրենժիէի, երեսփոխան ընտրուելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանան եւ Սուրիա կը գտնուին իրանեան հոգատարութեան ներքեւ` աւելցնելով, որ իրենք մտահոգ են Լիբանանը նոր պատերազմի մը միջամուխ դարձնելու կարելիութենէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով, տիզըլ օյլը` 700 լ. ոսկիով, պիւթակազին շիշը` 900 լ. ոսկիով, իսկ կարմիր մազութը սղած է 200 լ. ոսկիով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի թռիչքներ գործեց Պաալպեքի եւ Հերմելի վերեւ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է` նկատի ունենալով, որ անցեալ հինգշաբթի օր կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին այդ ծրագիրին իր համաձայնութիւնը շնորհած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնականութեամբ դիմագրաւելու յաջորդ հանգրուանը` Քնայթրայի գործողութենէն ետք Իսրայէլին դիմադրելու առումով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ պէտք է ինքնազսպումի ենթարկուիլ, երբ երկիրը վտանգի կ՛ենթարկուի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ Պեքաայի մէջ ոչ մէկ յանցագործ պետական հովանաւորութեան պիտի արժանանայ` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը կ՛որոշեն ապահովական ծրագիրը գործադրելու կանաչ լոյսը արձակելու ժամանակը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի նշեց, որ Քնայթրայի յարձակումը շրջանային խորք ունի` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին անոր քննարկումը նախատեսելի է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Քնայթրայի յարձակումը կը փաստէ, որ Հըզպալլայի շարքերուն մէջ մեծ թիւով գործակալներ կան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ ընդգծեց, որ երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան ընթացքը պէտք է վստահիլ լիբանանեան պետութեան:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք նշեցին, որ Ուատի Խալետի մէջ արձանագրուած է ապահովական անհատական զինեալ միջադէպ մը, որուն ընթացքին սպաննուած է Մոհամետ Հմայտան անունով քաղաքացի մը, իսկ զայն սպաննող ոճրագործը ձերբակալուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ երկխօսութեան նախորդ նիստերը ոչ մէկ արդիւնքի յանգած են Հըզպալլայի ապազինումին առումով:

 

 

Նախորդը

«Իրան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բոլոր Տարակարծութեանց Շուրջ Երկխօսութիւն Կատարելու» Կ՛ըսէ Շամխանի

Յաջորդը

Շեհայէպ Ալէյի Մէջ Կը Փակէ Ծոթրինի Գործարան Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.