Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի Ուղղուեցաւ Արսալ

January 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Քահուաժի` շրջապատուած բարձրաստիճան զինուորականներով
Զօր. Քահուաժի` շրջապատուած բարձրաստիճան զինուորականներով

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Արսալ եւ Ուատի Հմայտի ու Ուատի Հոսընի մէջ ստուգեց լիբանանեան բանակին յառաջապահ դիրքերը:

Զօր. Քահուաժի դրուատեց արեւելեան լեռնաշղթային եւ Լապուէի մէջ դիրքաւորուած բանակայիններն ու անոնց մնայուն զոհողութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ արգիլել ահաբեկիչներուն ապօրինի մուտքը Լիբանան, ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ մեկուսացնել զանոնք:

«Բանակը կառչած կը մնայ դէպի Լիբանան ահաբեկչութեան մուտքը արգիլելու իր առաքելութեան, որքան ալ սուղ ըլլայ անոր գինը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Ան հաստատեց, որ բանակին կողմէ երկրին սահմաններուն հսկելու եւ զանոնք պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ ահաբեկչական բջիջներ բացայայտելու եւ ահաբեկիչներ ձերբակալելու իրականութիւնն է, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները պահպանեց սադրանքներէ եւ հաւանական քաոսէ:

Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց բանակայիններուն պատրաստ ըլլալու` դէմ դնելու համար հաւանական տարբեր մարտահրաւէրներու: «Լիբանան չի կրնար փոխուիլ եւ վերածուիլ շրջանը հարուածող փոթորիկի, որովհետեւ դուք հոս ներկայ էք ձեր ուժով ու զօրութեամբ, ինչպէս նաեւ միասնականութեան նկատմամբ ձեր հաւատքով: Դժուար պայմաններ շրջանցեցինք եւ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակներ արձանագրեցինք, ըլլայ արեւելեան լեռնաշղթային, Արսալի թէ Թրիփոլիի ու անոր շրջակայքին մէջ: Շարք մը յաղթանակներ արձանագրած ենք արդէն, սակայն անոնք չեն նշանակեր, որ մեր առաքելութիւնը աւարտած է եւ տագնապները թօթափած ենք: Մենք պատրաստ ենք դիմագրաւելու նաեւ այլ մարտահրաւէրներ, որոնք մեր դիմագրաւած սպառնալիքներէն աւելի դժուար պիտի չըլլան», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Քնայթրայի Գործողութիւնը Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութեան Վրայ Ոչ Մէկ Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ»

Յաջորդը

Ըստ Ճափոնի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին. Գիւմրիի Ոճրագործութիւնը Համարժէք Է Ահաբեկչութեան

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.