Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ին, ներկայ պիտի գտնուի Քնայթրայի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու ժողովրդային ձեռնարկի մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ տեղեկագիրներու համաձայն, տասը հոգի հաշուող խմբակ մը նախանցեալ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի Մալիքիէ գիւղաքաղաքէն մուտք գործած է Իսրայէլ, ուր զետեղած է ական մը եւ վերադարձած լիբանանեան հողեր:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը լսուած են  պայթումներ, որոնք Կոլանի բարձունքներուն մէջ տեղի ունեցող իսրայէլեան ուժերու ռազմափորձերուն ձայներն էին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը փակեց հիւսիսային Կոլանի բոլոր ճամբաները` Հըզպալլայի կողմէ գործուելիք հաւանական յարձակումի մը մտահոգութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին կողմէ վերջերս ձերբակալուած յանցագործներուն եւ անձնասպանական գործողութիւններու նպատակով պատրաստուած հեղինակներուն մօտ գտնուած է զէնք ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ նիւթեր եւ ականուած գօտիներ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով դրական նշոյլներ կան, սակայն զանոնք ազատ արձակելու նպատակով կատարուած բանակցութիւնները դանդաղ կ՛ընթանան:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէ կը զօրակցի լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ ընթացող երկխօսութեան` աւելցնելով, որ Պքերքէի յարաբերութիւնները Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն հետ լաւ են եւ հեզասահ, որովհետեւ անիկա քաղաքական դերակատարութիւն չի ցանկար ունենալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ իրենք կը վստահին Հըզպալլայի իմաստուն կեցուածքին եւ կը մաղթեն, որ Իսրայէլի պատասխանը տրուի լիբանանեան հողերէն հեռու վայրէ մը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այս հանգրուանին պիտի չհրաժարի` նկատի ունենալով, որ այս պայմաններուն տակ կարելի պիտի չըլլայ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ կատարել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առաքելութեամբ Լիբանան ժամանած եւ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ տարբեր հանդիպումներ ունեցած Ֆրանսայի նախագահական յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյի ջանքերը ձախողած են եւ անոր ճիգերը վերադարձած են զերօ կէտին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ ինք ո՛չ Մարտ 8-ի եւ ո՛չ ալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր յարաբերութիւնները սովորական են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումները Իսրայէլի մօտ կը գտնուին` աւելցնելով, որ Իսրայէլ չի կրնար հանդուրժել ՏԱՀԵՇ-ի ծրագիրին ձախողութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ Խալիլ ընտանիքին պատկանող այլ յանցագործ մը ձերբակալած են` լիբանանցի երիտասարդ Իվ Նաուֆալի սպանութեան հարցով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի այցելեց Սպայից վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ուսանողներուն հետ:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորը Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Սինիորա. «Լիբանանցիներուն Կեանքը Կարելի Չէ Վտանգի Ենթարկել Շրջանային Օրակարգեր Գործադրելու Համար»

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?