Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի պաշտօնէութեան հարցին լուծման հսկած է Ռապիէն` նշելով, որ անիկա լաւ ելք մըն է եւ պէտք է յանձնառու մնալ անոր` իրագործելով բարեկարգումներն ու պաշտօնեաներուն իրաւունքները:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան` ստանձնելու Պէյրութի նաւահանգիստի Դ. նաւամատոյցը փակելու հարցին թղթածրարը:
Ան նշեց նաեւ, որ Ժաննէի ամբարտակի կառուցման աշխատանքները կասեցնելու որոշումը զուտ քաղաքական է` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքները պիտի շարունակուին: