Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Լիբանան Հողին Կը Յանձնէ Իր Նահատակ Ուխտաւորները, Սուրիա ՄԱԿ-ին Մօտ Կը Բողոքէ

February 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_tashyihԴամասկոսի մէջ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած նահատակ ուխտաւորները երէկ յանձնուեցան հողին:

Հարաւային արուարձաններուն մէջ կատարուեցան հինգ բազմամարդ յուղարկաւորութիւններ:

Նահատակ Մոհամետ Հասան Այուպի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Թայունէի մէջ, իսկ Մոհամետ Ահմետ Մըքտատի յուղարկաւորութիւնը` Ուզահիի մէջ:

Պըրժ Պարաժնէի մէջ Քասեմ Հաթում յանձնուեցաւ հողին, իսկ շէյխ Մեհտի Եուսեֆ Մըքտատ` Ղպէյրիի մէջ:

Պաալպեքի մէջ կատարուեցաւ Ալի Պլուքի յուղարկաւորութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ, այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Եազպեքի, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի եւ յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ պատահած այս անարգ ոճիրը:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ զոհերուն ընտանիքներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Ապահովութեան խորհուրդին` Դամասկոսի մէջ քաղաքայիններ փոխադրող լիբանանեան փոխադրատար մը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու արարքին դէմ:

Սուրիա դարձեալ պահանջեց Ապահովութեան խորհուրդէն` դատապարտել ահաբեկչական բոլոր արարքները:

Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ գործուած արարքը` հաստատելով, որ նման գործողութիւններ խիստ մերժելի են:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը իր կարգին դատապարտեց լիբանանցի ուխտաւորները ահաբեկչութեան թիրախ դարձնող արարքը. անիկա ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն հարազատներուն եւ պահանջեց Լիբանանը պահպանել շրջանին մէջ տիրող քաոսին հետեւանքներէն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հրամանատարը

Յաջորդը

Պըրրի Քաակի Հետ Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւը Գործադրելու Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.