Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ներխուժումներ կատարեց Պաալպեքի եւ յատկապէս Շարաուինա թաղամասին մէջ, ուր ան գրաւեց «Քիա» տիպի ինքնաշարժ մը, որ թիւ չէր կրեր եւ որուն մէջ կը գտնուէր զէնք ու զինամթերք:
Բանակը ձերբակալեց երեք սուրիացիներ, որոնք են` Մոհամետ Հմայտի, Համատէ Հմայտի եւ Եուսեֆ Հմայտի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի Ապպաս Շերիֆ:
Բանակը երեկոյեան ռմբակոծեց արեւելեան լեռնաշղթան: