Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ շաբաթ, 14 փետրուար 2015-ին, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 10-րդ տարելիցին առիթով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան-եգիպտական պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ամրան գումարուելիք կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին պիտի հրաժարի կուսակցութեան նախագահի իր պաշտօնէն` ղեկավարութիւնը յանձնելով իր զաւկին` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւնը հաստատ եւ հետեւողական թափ ունի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բարձրաստիճան զինուորականներէ, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակը պատրաստ է զինուորական որեւէ ճակատումի, սակայն ան կը խուսափի Այն Հելուէի մէջ հաւանական արիւնահեղութենէ մը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կացութիւնը պահպանելու միակ միջոցը Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխաններ Մոհամետ Հաժժար եւ Խտըր Հապիպ յայտնեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած այն յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն Իսրայէլի հետ ճակատումի կանոնները փոփոխութեան ենթարկուած են, լիբանանեան պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն անտեսում են:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ ընկղմող Լիբանանը փրկել, որովհետեւ կառավարութիւնը սկսած է պառակտուիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք կ՛ամրապնդեն երկրին ապահովական կայունութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին շեշտեց, որ  այս հանգրուանին նախարարաց խորհուրդին դերակատարութիւնը կը կայանայ հարցերը «կլորցնելու» մէջ` լուծել կարենալու համար Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը յայտնէ, որ նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի ապրիլին կամ մայիսին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու միակ ձեւը երկխօսութիւնն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ այս զգայուն հանգրուանին Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան կասեցումը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պատասխանատու են Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը հաւանական ցնցումներէ փրկելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ ողջունեց Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու նպատակները` հաստատելով, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն արիւնն ու անվտանգութիւնը, իսկ երիտասարդներուն ապագան քաղաքականութեան եւ քաղաքական շահերու սեփականութիւնը չեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա  Ալլուշ յայտնեց, որ լիբանանցիները կարիք ունին հաւասարակշռուած բարգաւաճման` նոյնիսկ եթէ որոշ շրջաններու մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրներու համեմատութիւնը աւելի ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսութիւնը զարգացնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր ունեցած երկխօսութեան մէջ Հըզպալլա լուրջ չէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ: Քաակ յայտնեց, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը ամրապնդելու:

 

Նախորդը

Յորդանանցի Օդաչուին Նկատմամբ Կիրարկուեցաւ Հրկիզումի Մահապատիժը

Յաջորդը

Մաշնուք. «Շատի Մաուլաուի Տակաւին Այն Հելուէի Մէջ Է»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?