
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Փորթոլանօ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործած շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ, եւ իրենք կրցած են կացութիւնը հակակշռել:
Զօր. Փորթոլանօ ընդգծեց, որ երկու կողմերը պէտք է ինքնազսպումի ենթարկուին` պահպանելու համար Լիբանանի մէջ տիրող խաղաղութիւնը:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է յարգել եւ գործադրել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
Սալամի այցելեցին նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու համապատասխան նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մար Մարունի տօնին առիթով երկուշաբթի, 9 փետրուար 2015-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան: