Ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ երէկ կէսօրին Տըքուանէի «Խալիլ Մաթար» փայտի գործարանին մէջ բռնկած է հրդեհ մը, որ կարելի չեղաւ հակակշիռի տակ առնել:
Հրդեհին պատճառով վիրաւորուած են 7 աշխատաւորներ, իսկ գործարանի պաշտօնեաներէն Ապտալլա Ապի Ամին անյայտ կորսուած է: