Ժոմպլաթ. «Մուսթաքպալի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Երկխօսութիւնը Կը Մեղմացնէ Սիւննի-Շիի Լարուածութիւնը»
Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ տիւրզի համայնքի գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին ան ողջունեց ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուող երկխօսութիւնը, որ կը մեղմացնէ սիւնիի-շիի լարուածութիւնը: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը հաւասարապէս պատասխանատու են Լիբանանը փրկելու շրջանային իրադարձութիւններէն: Ժոմպլաթ նաեւ յայտնեց, որ ինք կը հետեւի առեւանգուած...
















