
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ տիւրզի համայնքի գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին ան ողջունեց ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուող երկխօսութիւնը, որ կը մեղմացնէ սիւնիի-շիի լարուածութիւնը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը հաւասարապէս պատասխանատու են Լիբանանը փրկելու շրջանային իրադարձութիւններէն:
Ժոմպլաթ նաեւ յայտնեց, որ ինք կը հետեւի առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` վերահաստատելով, որ ինք համաձայն է զանոնք փոխանակելու սկզբունքին` նկատի ունենալով, որ այդ փոխանակումը իր հետեւանքները պիտի չունենայ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան վրայ: