Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք վերադարձաւ Լիբանան:
Նշենք, որ Հռոմի օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Վարչապետ Սալամ երէկ անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իտալիա:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորեց Մարոնի համայնքի խորհուրդին նախագահ Ուատիհ Խազեն:
Օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Վատիկանը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:
Պատասխանելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ թուիթըրեան հաշիւներու ընդմէջէն արտայայտուած կեցուածքներուն մասին հարցումի մը` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ զօր. Աուն եւ Ժահժահ միշտ ալ Պքերքէի երդիքին ներքեւ եղած են, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց զօր. Աունը անոր 80-րդ տարեդարձին առիթով: