
Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն երէկ նշեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Վատիկանէն վերադարձէն ետք նախագահական ընտրութեան առումով դրական տուեալներ գոյութիւն ունին:
Խազեն հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ռայի պատրիարքին Լիբանան վերադարձը աշխուժացուցին նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Խազեն հարց տուաւ, որ արդեօք մարտի կիսուն կարելի պիտի ըլլա՞յ նախագահական ընտրութիւն կատարել: