Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շաբաթ երեկոյեան Ռաս Պաալպէքի Թալլեթ Համրա շրջանէն դէպի Լիբանան զինեալներուն յարձակումը ձախողեցուց:

ՇԷՅԽ Մուսթաֆա Հուժէյրի (Ապու Թաքիէ) քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման առումով մօտիկ ապագային դրական իրադարձութիւններ պիտի արձանագրուին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը վերականգնել` քաջալերելով լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ տիւրզի համայնքին քաղաքական դերակատարութիւնը համայնքային հարց չէ, այլ` ազգային հարց:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան գումարելիք որեւէ նիստի պարագային պիտի գործադրուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը: Ան նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու քայլերը կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի վրայ` նկատի ունենալով նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահին աթոռը թափուր է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի Պէյրութի գրասենեակը իր դէմ գործուելիք ապահովական հաւանական գործողութեան մասին սպառնալիքներ ստացած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան ճակատագիրը ուղղակիօրէն կախեալ է Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութենէն:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները աշխուժացնել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի քաջալերած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը` Ռապիէ-Մեհրապ երկխօսութիւնը շարունակելու առումով:

ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժ յայտնեց, որ թմրեցուցիչի պատճառով գործուած ոճիրները կը սպաննեն մարդը, իսկ սահմանադրութեան պատճառով գործուած ոճիրները կը սպաննեն երկիրները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Հըզպալլայի վեթոն պիտի չարտօնէ, որ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրուի, մինչեւ Իրանի հետ գոյանալիք համաձայնութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ երկրին վարչակարգին արձանագրելիք յաղթանակը հաստատ է, եւ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան անոր մօտալուտ ըլլալը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ոչ մէկ արգելք ունի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպելու, եթէ այդ հանդիպումը պիտի ծառայէ քրիստոնեայ համայնքի շահերուն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար շրջանի տագնապներուն հետեւանքները դիմագրաւել` առանց ազգային իր միասնականութիւնը ամրապնդելու:

ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու միութեան նախագահ շէյխ Ալի Եասին շեշտեց Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը պահպանելու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի շուտով հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը, որպէսզի ինք դառնայ Լիբանանի յաջորդ վարչապետը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց Հըզպալլային դուրս գալու Սուրիայէն եւ Իրաքէն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազին` Լիբանանի դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները կանխարգիլելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախկին խորհրդական Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Հարիրի ո՛չ կը ցանկայ երկրին օրէնսդրական իշխանութիւններուն եւ ո՛չ ալ գործադիր իշխանութիւններուն որոշումը իւրացնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը կը մաղթեն, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի դառնայ վարչապետ:

Նախորդը

Լիպիոյ Մէջ Իրանի Հիւպատոսարանը Ականահարուեցաւ

Յաջորդը

Միքաթի. «Իսլամութեան Եւ Արեւմուտքին Միջեւ Հարցը Գաղափարական Չէ, Այլ` Հասարակական»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?