Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Կարելի Չէ Ամբողջացնել Առանց Հանրապետութեան Նախագահին»

Փետրուար 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_hariri_pressՆախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքան` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ պէտք է կարճ ժամանակի ընթացքին յաջողցնել այդ ընտրութիւնը:

Հարիրի նշեց, որ իրենք իրենց դաշնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեամբ կը ջանան յաջողցնել նախագահական ընտրութիւնը:

Անդրադառնալով զօր. Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումին` Հարիրի շեշտեց, որ պարզապէս հանդիպումը արդէն իսկ դրական է` դիտել տալով, որ իրենց միջեւ երկխօսութիւնը աւելի քան տարիէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է:

Ան մաղթեց, որ այդ երկխօսութիւնը դրական ընթացքով շարունակուի` աւելցնելով, որ քաջալերելի է քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւն տեսնել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին հարցերը դիւրաւ լուծել:

Ահաբեկչութեան մասին Հարիրի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը գործադրուի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ, «սակայն այդ պայքարը կարելի չէ ամբողջացնել առանց հանրապետութեան նախագահին», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով տրամադրուած երեք միլիառ տոլարի զինուորական օժանդակութիւնը պիտի գործադրուի` ընդգծելով, որ անոր գործադրութիւնը վեթոյի ենթարկելու ոչ մէկ մտահոգութիւն կայ:

Հարիրիի այցելեցին նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան,  հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար, Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու, հարաւային Լիբանանի եւ Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան, Պաալպեքի միւֆթի շէյխ Խալետ Սոլհ` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Հարիրիի խորհրդականներ Ռըտուան Սէյիտի եւ Նատեր Հարիրիի:

Հանդիպումէն ետք կրօնաւորները դարձան Հարիրիի ճաշի հիւրերը:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մորապեթօ յայտնեց, որ ինք Հարիրիի փոխանցած է Իտալիոյ զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան եւ անկախութեան պահպանումին:

Հարիրիի այցելեցին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար եւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

 

 

 

Նախորդը

Եազիժի Պատրիարք – Լաւրով Հանդիպում

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ողջունեց Երկխօսութիւնը` Մաղթելով, Որ Անոր Նպատակը Ըլլայ Նախագահական Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս  Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»
Լիբանանեան

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

Մարտ 24, 2023
Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը
Լիբանանեան

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Մարտ 24, 2023
Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին
Լիբանանեան

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In