Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուինտի»-Ն Լիբանանէն Մեկնեցաւ Իր Ետին Ձգելով Սպիտակ Գեղեցկութիւն Եւ Սաստիկ Ցուրտ

February 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_windy10«Ալեքսա», «Միշա», «Զէյնա», «Եոհան» բոլորն ալ Լիբանան այցելեցին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը Լիբանանը ներկեց սպիտակով եւ սաստիկ ցուրտի ալիքով մը պատեց երկիրը:

«Ուինտի», որ հինգշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Լիբանան, ինքզինք փաստեց իբրեւ ռուսական ձիւնամրրիկ մը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղացած առատ ձիւնը, որ հասաւ մինչեւ ծովուն մակերեսէն 300 մեթր բարձրութեան վրայ:

Մինչեւ երէկ գիշեր լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ձիւնեց:

Տասնամեակէ մը ի վեր ձիւն չվկայած շրջաններ եւս վկայեցին ձիւնը եւ վայելեցին անոր գեղեցկութիւնը. այդ շրջաններէն են Զղարթան, Էլիսարը, Քորնեթ Շեհուանը, Հարիսան, Քեսրուանը, Աշքութը, որուն հրապարակը երէկ երեկոյեան փակուեցաւ` առատ ձիւնին եւ սառած ճամբաներուն պատճառով:

Իսկ երբ կ՛անդրադառնանք Քեսրուանի մէջ ճամբաներու փակումին, ինքնաբերաբար կը մտածենք նաեւ Տահր Պայտարի, Թարշիշի, Շուֆի, Մաասեր Շուֆի, Քեֆրայայի, Պարուքի, Սայտայի, Ժեզզինի, Նապաթիէի, Շեպաայի, Քֆարշուպայի մասին, որոնք իրենց կարգին մնացին փակ:

22015_windy11Պէտք է նշել, որ «Ուինտի»-ին պատճառով ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ առատ կարկուտ տեղաց, իսկ ծովուն ալիքները 5 մեթրով բարձրացան:

Աննպաստ կլիմային պատճառով կարգ մը շրջաններու մէջ ելեկտրական հոսանքը լրիւ անջատուեցաւ, իսկ վառելանիւթի կայաններուն կողմէ մազութի չարաշահումը շարունակուեցաւ:

Այդ չարաշահումին վերջ տալու նպատակով տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ անակնկալ կերպով այցելեց կարգ մը կայաններ` կարգ ու կանոն պարտադրելու համար:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ պետական եւ սեփական վարժարանները փակ պիտի մնան նաեւ այսօր:

Ան զգուշացուց սեփական վարժարանները իրենց դռները բանալէ եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն եւ ծնողներուն յարգելու նախարարին որոշումը:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր մանկատուները այսօր եւս պիտի մնան փակ` ցուրտին եւ սառած փողոցներուն պատճառով:

«Ուինտի»-ն երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Լիբանանէն` իր ետին ձգելով սպիտակ գեղեցկութիւն եւ սաստիկ ցուրտ:

Նախորդը

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով Դրական Տուեալներ Գոյութիւն Ունին» Կը Շեշտէ Ուատիհ Խազեն

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը 350 Միլիոն Դրամ Կը Տրամադրէ Վերաբնակեցման Ծրագիրներուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.