
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ Պըտտաուիի մէջ ձերբակալեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած Ուաէլ Եուսեֆը (ծանօթ` Ապու Մատարես ծածկանունով):
Ներխուժումին ընթացքին արձանագրուեցաւ կրակոց, որուն իբրեւ հետեւանք Ուաէլ Եուսեֆ եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի հազարապետ Նազիհ Սալահ վիրաւորուեցան:
Կէսօրէ ետք Ապու Մատարես մահացաւ: Նշենք, որ Ապու Մատարեսի հաշուոյն 109 բերման գիր հրապարակուած է:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ դատական ոստիկանութիւնը Զղարթայի Այրունիէ շրջանին մէջ ձերբակալեց Օ. Մ. Թ. Սաֆսուֆ անունով անհատ մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ ապահովութեան ուժերը բացայայտած են, որ լիբանանեան շրջանի մը միւֆթիին զաւակը կը գործակցի Ժապհաթ Նուսրայի հետ:
Սակայն անոր հայրը հաստատած էր, որ ինք տեղեակ չէ իր զաւկին ծայրայեղական տրամադրութիւններէն:
Աւելի ուշ, կարգ մը միջամտութիւններու իբրեւ արդիւնք միւֆթիին զաւակը ազատ արձակուեցաւ` խոստանալով, որ ան հեռու պիտի մնայ այդ մթնոլորտէն:
Նշենք նաեւ, որ Զինուորական ատեանին կողմէ բերման գիրեր ստացած հոգեւորական շէյխ Պիլալ Տըքմաք, որ կասկածելի է Թրիփոլիի ապահովական միջադէպերուն մեղսակցութեամբ եւ բանակին դէմ գրգռութիւններ հրահրելու յանցանքներով, նախանցեալ օր ձերբակալուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ:
Գրեթէ հաստատ տեղեկութիւններ կան նաեւ, որ Տըքմաք մեղսակցած է նաեւ Ազեզի մէջ 13 լիբանանցի ուխտաւորներու առեւանգումի գործողութեան` զանոնք սուրիական վարչակազմին մօտ գտնուող բանտարկեալներու հետ փոխանակելու նպատակով: