Բանակը Իր Ամբողջական Հակակշիռին Տակ Առաւ Թալլեթ Ժրաշը
Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ թիրախ դարձուց զինեալ խմբաւորումները` պաշտպանելով իր յառաջատար դիրքերը: Առաւօտեան ժամը 7:30-ին բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առաւ Թալլեթ Ժրաշը: Բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը իր դիրքերը ամրապնդեց Թալլեթ Ժրաշի մէջ, ուր գտնուեցան 12 ականներ, որոնք աւելի ուշ վնասազերծուեցան բանակին սակրաւորներուն կողմէ: Բանակը շարունակեց ռմբակոծել ահաբեկչական խմբաւորումներուն զինեալները եւ յառաջացաւ դէպի Մայրմիէի բարձունքներն...


















