
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին ամէնէն արագ միջոցին հրաւիրելու կառավարութեան նիստի մը` վերաշխուժացնելու համար լիբանանեան պետութեան աշխատանքը, երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած գործելաձեւին համաձայն:
Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է ընթանայ սահմանադրութեան թիւ 65-րդ յօդուածին հիման վրայ: