Լիբանանեան բանակը արեւելեան լեռնաշղթային վրայ շարժումներ նշմարելէ ետք ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալ խմբաւորումները:
Բանակը երեկոյեան ներխուժումներ կատարեց Պաալպեքի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու ապաստանարանները եւ կատարեց ձերբակալումներ: