Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Պիտի Չյաջողի Նենգափոխել Հայոց Պատմութիւնը

Փետրուար 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նահար» օրաթերթով լոյս տեսած է Կարօ Գույումճեանի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Թուրքիա պիտի չյաջողի նենգափոխել Հայոց պատմութիւնը»:

Յօդուածագիրը կ՛ակնարկէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ձեռնարկած Կալիփոլիի ճակատամարտի նշումին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող թուականին` 24 ապրիլ 2015-ին:

Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Էրտողանի կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղուած հրաւէրին` ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ուրացումի իր քաղաքականութիւնը շարունակող Թուրքիոյ այս արարքը պաշտօնական Երեւանի մօտ ընդվզում յառաջացուցած է եւ գնահատուած իբրեւ պատմութիւնը նենգափոխելու փորձ մը:

Իր յօդուածով Կ. Գույումճեան անդրադարձ մը կը կատարէ նաեւ Կալիփոլիի ճակատամարտին իսկական թուականին (18 մարտ), ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ նախագահ Սարգսեանի պատասխանը, որուն հիման վրայ ան մատնանշած է, թէ նման քայլով Էրտողան կը փորձէ աշխարհին ուշադրութիւնը շեղել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կատարուելիք պաշտօնական ձեռնարկներէն:

Այս շրջագիծին մէջ յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ նաեւ սփիւռքին կողմէ Էրտողանի քայլը դատապարտող արարքին:

Կ. Գույումճեան իր յօդուածին մէջ մէջբերած է նաեւ «Ինտիփենտընթ»-ի բրիտանացի յօդուածագիր Ռոպըրթ Ֆիսքի մեկնաբանութիւնները, որոնց ծիրին մէջ ան Էրտողանի նախաձեռնութիւնը որակած է քաղաքական խելագարութիւն եւ կոչ ուղղած է աշխարհի բոլոր երկիրներու կառավարութիւններուն մերժելու Էրտողանի հրաւէրը, որ կը միտի վարկաբեկել մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակը:

Կ. Գույումճեան իր յօդուածին ընդմէջէն կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական լայն արշաւներով բացայայտելու թրքական նենգամտութիւնը եւ պատմութիւնը աղաւաղելու անոր նախաձեռնութիւնը:

«Հակառակ թրքական ջանքերուն, հայութիւնը` Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, ճիգ չի խնայեր ըստ արժանւոյն ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Հայութիւնը պատրաստակամութեամբ եւ վճռականութեամբ տէր կը կանգնի Հայ դատին եւ կը պահանջէ իր իրաւունքները, որպէսզի ոճրագործները անպատիժ չմնան», կը գրէ Կ. Գույումճեան:

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Կը Կորսնցնէ Իր Հեզասահութիւնը

Յաջորդը

Քանտիլ. «Թուրքիա Կը Նկատուի ՏԱՀԵՇ-ը Ֆինանսաւորելու Եւ Անոր Զինուորական Գործողութիւնները Հովանաւորելու Աղբիւրը»

RelatedPosts

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս  Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»
Լիբանանեան

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

Մարտ 24, 2023
Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը
Լիբանանեան

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Մարտ 24, 2023
Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին
Լիբանանեան

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In