Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ Հիւրընկալեց Նախարարական Հանդիպում Մը

Փետրուար 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22515_jemayel_meeting_ministersՓաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուին եւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմը եւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուին:

Հանդիպումին ներկայ չգտնուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն` ճամբորդութեան պատճառով:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը այս հանգրուանին կը լուսանցքայնացնէ անոր դերակատարութիւնը` ազգային ինքնորոշման առումով, մինչդեռ հանրապետութեան նախագահն է լիբանանեան ազգային միասնականութեան երաշխիքը:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է կառավարութեան աշխատանքին յանձնառու մնալու իմաստով, ինչպէս նաեւ շեշտուած` կառավարութեան աշխատանքը չխոչընդոտելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին վարչապետ Թամմամ Սալամի քայլերուն եւ պետական ու սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքի տուժելուն հիմնական պատճառը կը նկատեն նախագահական աթոռին թափուր մնալը:

Ան աւելցուց, որ իրենք մնայուն կերպով դրական պիտի վարուին` նեցուկ կանգնելով վարչապետին եւ ստիպելով քաղաքական բոլոր ուժերուն` մասնակցելու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին ամէն տեսակ երկխօսութեան:

Ան նաեւ աւելցուց, որ հանդիպումին ներկայ պատասխանատուները խստիւ դատապարտեցին Հասաքէի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն գործած բռնարարքները եւ անհրաժեշտ նկատեցին արաբական ու միջազգային շրջանակներուն ունենալիք ներդրումը` ահաբեկչութեան երեւոյթին վերջ տալու առումով:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Վաւերացուց Չինաստանի Հետ Տնտեսական Եւ Մշակութային Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը

Յաջորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Զինեալ Խմբաւորումները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?