Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասաքէի Ասորիներուն Դէմ Գործուած Բռնարարքները Դատապարտող Կեցուածքներ

Փետրուար 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հասաքէի մէջ ասորի համայնքին դէմ ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու կողմէ գործուած բռնարարքները արժանացան լիբանանեան տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքական պաշտօնատարներուն դատապարտումին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Հասաքէի ասորի համայնքին դէմ գործուած բռնագաղթը, առեւանգումն ու բռնարարքները, որոնք գործադրուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց սպանդ, քանդում եւ աւազակութիւն գործող ահաբեկչական այս խմբաւորումները ֆինանսաւորող պետութիւններուն` վերջ տալու ծայրայեղութեան մարմնացում եւ հրէշային ծրագիրներ ունեցող այդ խմբաւորումներուն կատարած իրենց օժանդակութիւններուն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Հասաքէի Խապուր շրջանի ասորիները ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու եւ շրջանին խաղաղ բնակչութիւնը բռնագաղթի ենթարկելու արարքները, ինչպէս նաեւ շուրջ հարիւր ասորի երիտասարդներ առեւանգելու ոճրային արարքը` հաստատելով, որ նման բռնարարքներ ոչ մէկ կրօնի անունով կարելի է գործադրել:

Համայն Արեւելքի եւ Անտիոքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը դատապարտեց Հասաքէի մէջ ասորի համայնքի զաւակներով բնակեցուած գիւղաքաղաքներուն մէջ գործուած վայրագ արարքները, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու հրկիզումը:

Լահհամ պատրիարքը հարց տուաւ, որ արդեօք աշխարհը յաւելեալ փաստերու կարի՞ք ունի իսկապէս դէմ դնելու ահաբեկչական այս խմբաւորումին:

Լահհամ պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց ասորի համայնքին:

Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ Սուրիոյ քրիստոնեաները բռնագաղթի ենթարկելն ու անոնց եկեղեցիները հրկիզելը բարբարոսութիւններ են եւ ոճրային արարքներ, որոնք ամբողջ մարդկութեան դէմ գործուած են:

Արայժի արաբական եւ միջազգային ընտանիքներէն պահանջեց անմիջապէս միջամտել եւ հատու հարուած մը հասցնել ահաբեկչական այս խմբաւորումներուն:

 

 

Նախորդը

Պիլալ Տըքմաք Ազատ Արձակուեցաւ

Յաջորդը

Պասիլ Էքուատորի Մէջ Կը Հաստատէ Ահաբեկչութեան Եւ Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Պայքարելու Լիբանանի Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?