Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուող յապաղումը Լիբանանը յաւելեալ տագնապներու պիտի ենթարկէ:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան առումով լիբանանեան ներքին համաձայնութիւն մը գոյացնելու` հեռու մնալով շրջանին դիմագրաւած տագնապներէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն պենզինի թիթեղին սակը եւ պիւթակազը 700 լ. ոսկիով սղած են, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 800 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած բոլոր բարդութիւններուն լուծումը կարելի է ապահովել հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քարիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան ամէնէն հզօր թեկնածուն է` աւելցնելով, որ զօր. Աուն միաժամանակ հարցն է ու լուծումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ  երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ ընտրելով կարելի պիտի չըլլայ կուսակցութիւնը պահպանել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուները սկսած են որդեգրել շարք մը միջոցառումներ, որպէսզի 2015-ի ամրան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ստանձնէ կուսակցութեան նախագահութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Հըզպալլա եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը նախատեսեն, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 2 մարտին: Կը նախատեսուի, որ այդ նիստին ընթացքին քննարկուին նախագահական ընտրութեան մանրամասնութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը միջամուխ պիտի չդառնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ երկխօսութեան, բացի եթէ իր միջամտութեան կարիքը զգացուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներուն համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը նկատէ, որ կառավարութեան աշխատանքը համախոհութեան հիման վրայ շարունակելը քաջալերելի չէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած գործելաձեւը յարմարագոյնն է եւ նոր օրէնք մը փնտռելու կարիք չկայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի կոչ ուղղեց կառավարութեան նոր գործելաձեւ մը որդեգրելու` աշխատանքին հեզասահ ընթացքը ապահովելու նպատակով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն է կառավարութեան գործելաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու, որպէսզի անոր աշխատանքները չխոչընդոտուին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ որեւէ ատեն քաղաքական սպանութիւնները կրնան վերսկսիլ:

ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ձկնարանը դարձեալ բացաւ իր դռները` երկու շաբաթ փակ մնալէ ետք:

ՍՈՒՐԻ միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա յայտնեց, որ համայնքային դրութիւնը Լիբանանի բոլոր տագնապներուն պատճառն է:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց ամէն իմաստով պայքարելու` վերջ տալու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան` Պեքաայի սպառնացող վտանգը թօթափելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը չի ջնջեր Մուսթաքպալ հոսանքին հետ անոր ունեցած ռազմավարական տարակարծութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ կառավարութեան գործելաձեւը համախոհութեան վրայ հիմնելու սկզբունքը սխալ մըն էր, եւ մտավախութիւն յայտնեց, որ այդ սխալը կրնայ ուղղակի տագնապի վերածուիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելով կարելի է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը բարելաւել:

 

Նախորդը

Ասորի Արքեպիսկոպոս Մը Կ՛ամբաստանէ Թուրքիան. Գամիշլիի Շրջանին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Քիւրտերուն Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Կը Կորսնցնէ Իր Հեզասահութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?