Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Իր Ամբողջական Հակակշիռին Տակ Առաւ Թալլեթ Ժրաշը

Փետրուար 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22615_army_ras_baalbekԼիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ թիրախ դարձուց զինեալ խմբաւորումները` պաշտպանելով իր յառաջատար դիրքերը:

Առաւօտեան ժամը 7:30-ին բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առաւ Թալլեթ Ժրաշը:

Բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը իր դիրքերը ամրապնդեց Թալլեթ Ժրաշի մէջ, ուր գտնուեցան 12 ականներ, որոնք աւելի ուշ վնասազերծուեցան բանակին սակրաւորներուն կողմէ:

Բանակը շարունակեց ռմբակոծել ահաբեկչական խմբաւորումներուն զինեալները եւ յառաջացաւ դէպի Մայրմիէի բարձունքներն ու Նժասի հովիտները եւ կրցաւ զանոնք եւս իր հակակշիռին տակ առնել:

Մայրմիէի մէջ բանակը գտաւ մեծ թիւով ահաբեկիչներու դիակներ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ ականներ, զէնք եւ զինամթերք:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ զինեալ ընդհարումներուն պատճառով վիրաւորուած են հինգ բանակայիններ:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Տար Ուեսհա – Եամմունէ շրջանին մէջ բանակը հետապնդած է Ահմետ Մոհամետ Սելիմ Ժաաֆարը, որուն դէմ բերման բազմաթիւ գիրեր կան:

Հաղորդագրութիւնը տեղեկացուց, որ Ժաաֆար կրակած է բանակին ուղղութեամբ, որ իր կարգին հակադարձած է անոր դէմ կրակելով: Զինեալ բախումներուն պատճառով Ժաաֆար վիրաւորուած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց:

Անոր ինքնաշարժէն բանակը գրաւած է «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակով զինամթերք եւ հաշիշ:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը մեծապէս կ՛օժանդակէ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն` կանխարգիլելու համար ՏԱՀԵՇ-ի մուտքը Լիբանան:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Շրջանին Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իմաստով Լիբանան Մեծ Դերակատարութիւն Ունի»

Յաջորդը

«Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?