Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն հարաւային Լիբանանի մէջ զոհուած ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ սպանացի զինուորին մահուան պատասխանատու նկատեց Իսրայէլը: Ան դատապարտեց նաեւ Մազարեհ Շեպաայի մէջ Հըզպալլայի կատարած գործողութիւնը` զգուշացնելով, որ անիկա կրնայ վերածուիլ պատերազմի մը, որուն ոչ ոք կրնայ հանդուրժել:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց կառավարութեան մէջ արձանագրուած թիւրիմացութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր գործելաձեւին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու անկարողութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզի բարգաւաճումը կ՛ենթադրէ երկրորդ օդակայանի մը եւ զբօսաշրջական նաւահանգիստի մը գոյութիւնը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի կոչ ուղղեց կառավարութեան գործելաձեւը պահելու ինչպէս որ էր` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը արդիւնաբեր ընթացք ունէր:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան` դէմ դնելու համար հաւատադրժողական վտանգներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը դրական արդիւնքներու յանգած է` նկատի ունենալով սիւննի-շիի երկխօսութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ ողջունեց լիբանանեան բանակը` հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ անոր արձանագրած նուաճումին առիթով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանի հետ վարուիլ այնպիսի ձեւով, որ հանրապետութեան նախագահին գոյութիւնը անկարեւոր է: Ան կոչ ուղղեց նաեւ քաղաքական համաձայնութիւններու հիման վրայ լուծելու կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը ուղղակիօրէն կախեալ է նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ արձանագրուող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանան կը տառապի խորհրդարանին աշխատանքներուն սառեցումէն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի չգոյութենէն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներէն դատարկելու ծրագիրը սկսած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքին ճակատագիրն է պայքարիլ բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ եւ տէր կանգնիլ իր պատգամին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ եթէ նախագահական աթոռը շարունակէ թափուր մնալ, ապա ամբողջ վարչակարգը կրնայ վտանգուիլ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու առումով արձանագրուելիք որեւէ բացթողում Լիբանանի նկատմամբ դասալքութիւն է եւ ապահովական կայունութեան դէմ հասած հարուած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արագացնելու լիբանանեան բանակը զինելու հոլովոյթը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին առումով յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պիտի արձանագրուին դրական արդիւնքներ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա իր զօրակցութիւնը յետս պիտի չկոչէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութենէն, ինչպէս էր պարագան 2008-ին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ կառավարութեան լաւագոյն գործելաձեւը սահմանադրութեամբ ճշդուած գործելաձեւն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Ռաս Պաալպեքի նուաճումը ցուցանիշ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու բանակին կարողութեան:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ նախարարական խորհրդակցական հանդիպումը վարչապետ Թամմամ Սալամի դէմ չէ ուղղուած, այլ անոր կեցուածքներուն զօրակցութեան նպատակով ստեղծուած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Ռըսթոմ Ղազալէի սպանութեան:

 

 

 

Նախորդը

Սիսի Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Չմիջամտել Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն

Յաջորդը

Ուատիհ Խազեն Զօր. Քահուաժին Շնորհաւորեց Ռաս Պաալպեքի Նուաճումին Առիթով

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?