Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սելիմ Հըս Կոչ Ուղղեց Կառչած Մնալու Թաէֆի Համաձայնագիրին Եւ Ընտրելու Համախոհական Նախագահ Մը

February 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սելիմ Հըս
Սելիմ Հըս

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան քաղաքակրթական ու մշակութային աւանդը եւ աշխատելու ազգային պատասխանատուութեան մակարդակին վրայ` Լիբանանի շահերը կուսակցական նեղ շահերէն աւելի բարձր դասելով:

Հըս հաստատեց, որ Լիբանանի համերաշխութեան եւ համակեցութեան խախտումը կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան:

Հըս անհրաժեշտ նկատեց Թաէֆի համաձայնագիրին եւ անոր կէտերուն կառչած մնալը, յատկապէս նկատի ունենալով վարչապետին իրաւունքները եւ սահմանադրութեան 65-րդ յօդուածը, որուն հիման վրայ կը ճշդուին, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է տայ իր որոշումները:

Հըս ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքը սառած վիճակ ունի` աւելցնելով, որ սահմանադրական խախտումը ոմանց մօտ բնական երեւոյթ դարձած է եւ այդ իրականութիւնը մտահոգիչ է:

«Իսկ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ հանրապետութեան նախագահի մը չգոյութիւնը կը ծառայէ իրենց շահերուն, պէտք է հասկնան, որ Լիբանանի շահերը երկրին պետական հաստատութիւններուն կառչած մնալով կարելի է ապահովել», ըսաւ ան` շեշտելով հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

Հըս կոչ ուղղեց ընտրելու համախոհական նախագահ մը, որովհետեւ այդպիսով Լիբանան կը պահպանէ իր բազմազանութիւնը եւ ամուր կը մնայ շրջանային տագնապներուն հետեւանքներուն դիմաց:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Արտերկրի Լիբանանցիները Լիբանանի Պատգամով Առաջնորդուող Առաքեալներ Են»

Յաջորդը

Սամիր Մուքպել Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Ռաս Պաալպեք

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.