Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքի շարունակութեան երաշխիքը նախ եւ առաջ վարչապետ Թամմամ Սալամի համբերութեամբ կ՛ապահովուի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պարագային, անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքին իմաստով համախոհութիւնը պահպանել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խստիւ դատապարտեց ասորիներուն դէմ գործուած բռնարարքները, բռնագաղթը, առեւանգումներն ու Թել Հըրմոզի պատմական եկեղեցիին հրկիզումը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի մէջ զետեղեցին անցարգելներ` ստուգելու համար շրջան մուտք գործող եւ անկէ դուրս ելլող անցորդներուն ինքնութիւնը: Անոնք խուզարկեցին նաեւ կարգ մը ինքնաշարժներ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ մասնագէտ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթները շատ են` աւելցնելով սակայն, որ այդ առիթներէն վնասուող կողմերը կառավարութեան աշխատանքը կը փորձեն խանգարել:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքին համաձայն, կառավարութիւնը յաջորդ շաբթուան ընթացքին նիստ մը պիտի գումարէ:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալ լիբանանեան բանակին պաշտպանութեան ներքեւ կը գտնուի` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն իմաստով օժանդակել բանակին:

ՇԷՅԽ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին իմաստով խոչընդոտներուն մեծամասնութիւնը կարելի եղած է հարթել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանի աւարտէն ետք, իւրաքանչիւր նախարար վերածուեցաւ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքներուն վերսկսելու մասին խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին եւ այդ իմաստով մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ սահմանադրական ելք մը գտնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր նշեց, որ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը խոչընդոտեն նախագահական ընտրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նազեմ Խուրի նշեց, որ հարցը կառավարութեան աշխատանքային գործելաձեւին մէջ չէ, այլեւ` նախագահական ընտրութիւնը չկատարելու մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ դիտել տուաւ, որ զինեալներուն սպառնացած վտանգները արմատախիլ կարելի է ընել սուրիական բանակին հետ գործակցութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի շուրջ նշմարուող նախարարական համախմբումը վարչապետ Թամմամ Սալամին դէմ չէ ուղղուած:

 

 

Նախորդը

Մոկերինի. «Իրանի Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Են»

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ . Մաշնուք Հանդիպում Մը Ունեցաւ Արապիի Հետ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.