
Նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա երէկ յայտարարեց Անկախ հոսանքի ստեղծումը:
Ան շեշտեց, որ Անկախ հոսանքին նպատակն է անձնական շահերէ հեռու մնալ, վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին եւ պայքարիլ պետութեան գումարները իւրացնողներուն դէմ:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ապու Ժամրա շեշտեց, որ Անկախ հոսանքին նպատակն է ազատ, անկախ, հզօր եւ գերիշխան Լիբանանի կերտումը` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է ի վիճակի ըլլայ իր որոշումները տալու եւ ոչ թէ արտաքին աշխարհէն կախեալ ըլլայ:
Ան ընդգծեց, որ Անկախ հոսանքը պիտի փորձէ սրբագրել որոշ թերութիւններ, եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ընդառաջելու հոսանքին նախաձեռնած իւրաքանչիւր քայլին, որուն նպատակն է դիմադրել լիբանանեան գերագոյն շահերուն դէմ ցցուած սպառնալիքներուն: