Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամիր Մուքպել Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Ռաս Պաալպեք

February 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22715_mokbel_kahwaji_ras_baalbekՓոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեցին Ռաս Պաալպեք, ուր անոնք ստուգեցին լիբանանեան բանակին դիրքերը, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններուն մէջ գործադրած անոնց զինուորական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Մուքպել Ռաս Պաալպեքի մէջ դիրքաւորուած բանակայիններուն ուղղած իր խօսքին մէջ գնահատեց անոնց մարտական կարողութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր ռազմավարական երկու բարձունքներէ կատարեալ արագութեամբ տապալել ահաբեկիչները:

Մուքպել շնորհաւորեց բանակայինները անոնց իրագործած զինուորական այս նուաճումին համար` աւելցնելով, որ անիկա կ՛աւելնայ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի շրջագիծին մէջ անոնց գործած նուաճումներուն:

Մուքպել ընդգծեց, որ բանակը միշտ կ՛ապացուցէ, որ ինք կը հաւատայ ազգային գաղափարախօսութեան եւ այդ ոգիով կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Ան աւելցուց, որ բանակին կը պակսին միայն տեսակարար զէնքերը, որոնք մօտիկ ապագային պիտի ապահովուին:

Իր կարգին, զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ արձանագրելիք յաջողութիւններէն բացի այլընտրանք չունի:

Զօր. Քահուաժի բարձր գնահատեց բանակայիններուն զոհողութիւնները` արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկիչներուն հաւանական ներխուժումներէն պաշտպանելու իմաստով:

Բանակի հրամանատարը ընդգծեց, որ քանի մը օր առաջ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գործադրուած զինուորական գործողութիւնը տեսակարար կարելի է որակել` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին եւ քաղաքացիները անոր վտանգներէն պաշտպանելու առումով:

«Ահաբեկիչներուն ներխուժումներուն դէմ երկրին սահմաններուն պաշտպանութիւնը Լիբանանի միասնականութիւնն ու անոր ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու համազօր է», հաստատեց ան:

Նշենք, որ զօր. Քահուաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Ռաս Պաալպեքի զինուորական գործողութեան ընթացքին բանակը իր հակակշիռին տակ առած է Սատր Ժարաշը եւ Հարֆ Ժարաշը:

Նախորդը

Սելիմ Հըս Կոչ Ուղղեց Կառչած Մնալու Թաէֆի Համաձայնագիրին Եւ Ընտրելու Համախոհական Նախագահ Մը

Յաջորդը

Լիլիթ Գալստեան. «Հաշտուելուն» Պէտք Է Յաջորդէ Քաղաքական Բովանդակութիւնը»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.