«Նահար» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերը երկու օր առաջ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալեցին Ֆաթիմա Խալետ անունով կին մը, որ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն անդամ է եւ կը գործակցի Քալամունի մէջ գտնուող շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթի հետ:
Խալետ խոստովանած է, որ ինք անձնասպանական գործողութեամբ մը Պիր Հասանի իրանեան դեսպանատունը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ պիտի դարձնէր:
Նշենք, որ Խալետ փնտռուած էր նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ: