Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Լիբանան Կարիքը Ունի Միջարաբական Համախոհութեան` Ինքզինք Շրջակայ Հրդեհներէն Փրկելու Համար»

March 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նուհատ Մաշնուք
Նուհատ Մաշնուք

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու 32-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Ալճերիոյ մէջ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի միջարաբական համախոհութեան` ինքզինք շրջակայ հրդեհներէն փրկելու համար:

Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք լուսարձակի տակ առաւ եգիպտական-սէուտական համաձայնագիրը, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին պահպանած է Լիբանանի կայունութիւնը, նախքան Սուրիոյ մէջ բռնկած հրդեհը:

Մաշնուք շեշտեց, որ հիմնականին մէջ կան երեք մարտահրաւէրներ, որոնցմէ առաջինը ահաբեկչութիւնն է, երկրորդը` շրջանային առումով արձանագրուած պառակտումն ու երկփեղկումները, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բնակեցումը:

Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ ահաբեկչութեան դէմ կարելի է պայքարիլ երեք ձեւով` ազգային միասնականութեամբ, ապահովական հմտութեամբ եւ ուժով:

Նշենք, որ Մաշնուք Ալճերիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պահրէյնի ներքին գործոց նախարար Ռաշետ պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Մաշնուք պահրէյնցի իր պաշտօնակիցին փոխանցեց վարչապետ Թամմամ Սալամի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւնը` Պահրէյնի լիբանանեան գաղութին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան առիթով:

Մաշնուք հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Հիւսէյն Հազաա Մաժալիի հետ:

Մաժալի Մաշնուքի փոխանցեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ:

Միւս կողմէ, Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի եգիպտական դեսպանատունը պաշտօնական նամակով մը տեղեակ պահած է ներքին գործոց նախարարութիւնը, թէ ինք սպառնալիքներ ստացած է ՏԱՀԵՇ-էն:

Ան աւելցուց, որ նկատի ունենալով այս կացութիւնը, ապահովութեան ուժերը դեսպանատան շուրջը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին:

Նախորդը

Բանակին Եւ Քաղաքացիներուն Շարքերուն Մէջ Արձանագրուած Նահատակներուն Թափած Արիւնը Սակարկութեան Կարելի Չէ Ենթարկել

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.